2014-03-29 13:00:45

Լեհաստան - Աղօթքի հաւաք` ի պատրաստութիւն Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի սրբադասման։


Լեհաստանի մէջ ''նոր հազարամեակի հիմնարկութիւնը'' նախաձեռնած է ''ողորմութեան ճրագ'' նշանաբանով աղօթքի հաւաք մը, առ ի պատրաստութիւն Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի սրբադասման արարողութեան։ Աղօթքը կը գլխաւորէ Քրաքովիայի առաջնորդը`կարտինալ Ճիվիչ, որ 40 տարիներու ընթացքին եղած է Քարոլ Ոյիթիլայի քարտուղարը։ Այս առթիւ պիտի յանձնուի''ողորմութեան ճրագ'', խորհրդանիշը երկրի հանրապետութեան նախագահին ու պետութեան զանազան իշխանաւորներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.